2016-12-31 09:06:00

Երեք Նոր Տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր


Հայ ժողովուրդը իր  պատմութեան մէջ  ունեցած է երեք Նոր տարի` Կաղանդ, Նաւասարդ եւ Ամանոր անուններով: Դեռ վաղնջական ժամանակներուն հայերը նոր տարին ազդարարած են Մարտ 21-ին` գարնանային գիշերահաւասարի օրը, որ նաեւ բնութեան զարթօնքի խորհրդանիշն էր: Բոլոր գաւառներուն մէջ Կաղանդը կը նշուէր մեծ տօնախմբութեամբ, տաճարներու մէջ տօնական  ծէսեր կը կատարուէին, որոնք կ՛ուղեկցուէին աստուածներուն զոհեր մատուցելով: Հայոց երկրորդ նոր տարին կը նշուէր Նաւասարդի 1-ին,( այսինքն` Օգոստոս 11-ին)` այն օրը, երբ հայոց հիմնադիր Հայկ Նահապետը յաղթեց Տիտանեան Բէլին:

Աշխարհի  տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ամիսներ կը  համարէին  նոր տարուայ սկիզբ, ուստի այս բազմազանութիւնը երկիրներու տնտեսական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւններու մէջ կը յառաջացնէր որոշ դժուարութիւններ: 18-րդ դարուն Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը իրականացուց տոմարագիտական բարենորոգում, որուն համաձայն՝ հայերը Ամանորը սկսան նշելու Յունուար 1-ին:

Ժամանակը զօրեղ է ժողովուրդներու կենցաղը եւ սովորութիւնները փոխելու համար: Այսպէս` այսօր ամանորեայ սեղանը կը դրուի շքեղութիւն խորհրդանշելու համար, իսկ ահա հին Հայաստանի մէջ կ՛արգիլուէր սեղանին ամէն տեսակ մսեղէն դնելը, քանի որ Նաւասարդը ոչ թէ ուտելու, այլ պահքի օր է: Աւանդական ուտեստները կը պատրաստուէին հատիկեղէնէ` լուբիայէ ( որուն պատիճը կը խորհրդանշէր ընտանիքի ամրութիւնը, իսկ հատիկը` ընտանիքի սաղմը), ոսպէ, չիրերէ, ընկոյզներէ եւ այլն: Սեղանի զարդը կը համարուէր Տարեհացը, որուն մէջ պատրաստելու ընթացքին կը դրուէր գուշակութեան դրամը` դովլաթը: Հացը կը բաժանուէր 12 հաւասար մասերու, եւ ընտանիքի այն անդամին, որուն բաժին կ՛իյնար դովլաթը, Նոր տարիին անոր յաջողութիւններ կը սպասէր:

Սանթաքլաուս կամ ձմեռ պապ: Մեր նախնիները նոյնպէս ունեցած են ձմեռնային հրաշագործ, զոր կ՛անուանէին Մեծ պապուկ կամ Կաղանդ պապա: Ան կ՛առնչուէր կաթողիկոս Սահակ Պարթեւի անուան հետ, որ, համաձայն աւանդութեան, կը յայտնուէր գաւազանով եւ ոչխարի մորթէ պատրաստուած վերարկուով:

Մերօրեայ տենածառը կը կապեն գերմանական բարեկարգութեան առաջնորդ Մարթին Լութըրի անուան հետ: Գիշեր մը յոգնած տուն գալու ատեն Լութըր կը նստի ճամփեզրին`քիչ մը հանգստանալու: Ճանապարհը զարդարուած կ՛ըլլայ եղեւնիներով, որոնց  ճիւղերուն արանքեն կ՛առկայծեն փայլուն աստղերը: Տպաւորուած անոնց գեղեցկութեամբ` Մարթին Լութըր  իր տան մէջ կը զարդարէ առաջին եղեւնին: Հայ իրականութեան մէջ տօնածառ չէ եղած, սակայն դեռ հինէն հայերը ունեցած են ծառերու պաշտամունք եւ տօնածառին փոխարինած են ձիթենիի ճիւղերը: Անոնցմէ ամենահաստը Նոր տարուայ գիշերը խրած են  մեծ հացի մէջ եւ զարդարած ընկուզեղէնով,  ցորենի հասկերով, լուբիայով, զանազան միրգերով, յատկապէս խնձորներով, որոնք պտղաբերութիւն կը խորհրդանշէին, նաեւ չարխափաններով ու մարդակերպ կամ կենդանակերպ թխուածքներով: Տանտէրը Կաղանդի ծառը տարած է եկեղեցի եւ քահանայի օրհնութիւնը ստանալէ ետք վերադարձուցած տուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.